Search
Close this search box.

Ինչո՞ւ է թուրքամետ «Վաշինգտոն թայմս»-ն արդարացնում Քոչարյանին․ «Մասիս վիքլիի» անդրադարձը

Ամերիկյան «Վաշինգտոն թայմս» պահպանողական ուղղվածության պարբերականը, որն, ըստ հայկական «Մասիս վիքլի» շաբաթաթերթի, աջակցություն է ստանում թուրքական լոբբիստական կազմակերպություններից, խիստ միակողմանի հոդված է հրապարակել Հայաստանի նոր կառավարության` կոռուպցիայի դեմ պայքարի վերաբերյալ՝ «Նիկոլ Փաշինյանի վենդետան ու օրենքի գերակայության վերացումը» վերտառությամբ։

Հոդվածը, ինչպես նշվում է «Մասիս վիքլի» շաբաթաթերթի արեւմատահայրենով գրված արձագանքում, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանին պաշտպանելու ու արդարացնելու փորձ է։ «Մասիս վիքլի» շաբաթաթերթի արձագանքը հրապարակում ենք առանց փոփոխության․

«Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Թայմզ» թերթը, Օգոստոս 28-ին հրատարակած է յօդուած մը, Լ. Թատտ Վուտի ստորագրութեամբ՝ «Նիկոլ Փաշինեանի Վենտեթան եւ Օրէնքի Գերակայութեան Վերացումը» խորագրին տակ:

«Ուաշինկթըն Թայմզ» ծանօթ է որպէս Ամերիկեան պահպանողական շրջանակներու բանբեր, որ նաեւ կը նկատուի թրքական վարձու լոպպիստական կազմակերպութիւններուն մօտ հրատարակութիւն: Յօդուածը Ռոբերդ Քոչարեանի պաշտպանութեան եւ արդարացման փորձ մըն է, մեղադրելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վրէժխնդրութեան մէջ:

ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը, համացանցի վրայ յօդուածի տարածումէն անմիջապէս ետք, բողոքի պատասխան նամակ մը յղած է թերթի խմբագրութեան՝ «Ժողովրդավարութեան խթանում կեղծ լուրերու ժամանակաշրջանին» խորագրին տակ:

«Հակառակ վարչապետ Փաշինեանի վենտեթայի մասին Վուտի կարծիքին, նախկին նախագահ Ռոբերդ Քոչարեան օրինականօրէն ձերբակալուած է 2008 թ. Մարտի 1-ին՝ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ իր անօրինական գործողութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան շրջանցման համար:

«Վարչապետ Փաշինեանի պայքարը քրէաօլիկարխներու դէմ պէտք չէ քննադատուի: Այդ է ուղղութիւնը, որուն կը ձեռնարկէ որեւէ ժողովրդավարական պետութիւն, որ շահագրգռուած է առաջընթացի եւ լաւ կառավարման խթանմամբ:

«Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը պէտք է բարձր գնահատուի նախկին պաշտօնեաներու կողմէ յանցագործութիւններու հետաքննութեան համար, եւ այլ երկիրներու առաջնորդները պէտք է հետեւին անոր օրինակին, եթէ անոնք եւս կողմ են ժողովրդավարական հասարակութիւններու պահպանման, որտեղ յանցագործները պատասխանատուութեան կ’ենթարկուին իրենց գործած արարքներուն համար՝ անկախ անոնց պետական եւ կամ պիզնէսի բարձր պաշտօններէն:

«Ի վերջոյ, վարչապետ Փաշինեան եւ անոր կառավարութիւնը, ի տարբերութիւն Քոչարեանի, առիթ տուած են, որ քննութիւնը եւ դատավարութիւնը շարունակուին անարգել: Հայաստանի Վերաքննիչ դատարանի կողմէ 2018 թ. Օգոստոսի 13-ին բեկանուած է Քոչարեանի ձերբակալման թոյլտուութեան որոշումը՝ Յուլիսի 27-ի առաջին դատարանին կողմէ: Այժմ երկու կողմերը դիմած են Հայաստանի Վճռաբեկ դատարան, Հայաստանի քրէական եւ վարչական արդարադատութեան բարձրագոյն մարմին, խնդրի լուծման համար: Այս երեւոյթը ոչ միայն անհնար էր, այլեւ չլսուած Քոչարեանի վարչակարգի ժամանակ:

«Ակնյայտ է, որ Վուտի միամիտ ենթադրութիւնները՝ Հայաստանի խաղաղ յեղափոխութեան առաջնորդ Փաշինեանի նկատմամբ, հիմնուած են փաստերու պակասի վրայ եւ փոխարէնը՝ առաջնորդուած են կեղծ քարոզչութեամբ:

«Ցաւալի է, որ «Ուաշինկթըն Թայմզ» որոշած է հրապարակել նման բորբոքիչ եւ մեղադրական յօդուած մը, որը հիմնուած է սխալ կարծիքի վրայ»,. յատկապէս ըսուած է ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի բողոքի գրութեան մէջ»:
Armtimes.com

Please enter a valid URL